Image
Releases, statements, We Are AGBU
Սէմ Սիմոնեան անվերապահ կերպով կը փարի Միութեան հիմնական առաքելութեան եւ խոր յարգանք կը տածէ անոր
ժառանգութեան նկատմամբ: Միաժամանակ ան գիտակից է նաեւ, որ մեր պատկառելի կազմակերպութեան նման
կառոյց մը, որպէ ս զի կարենայ կենսունակ մնալ, անհրաժեշտ է որ փոփոխութիւններ ի գործ դրուին պատասխանատու
եւ ծրագրուած ռազմավարութեամբ: Ես համոզուած եմ, որ Կեդրոնական Վար չութեան աջակցութեամբ, Սէմ
Սիմոնեան պիտի առաջնորդէ Հ.Բ.Ը.Մ.ը նոյն համարձակութեամբ եւ ձեռներեցութեամբ, որոնցմով ան իրագործած է իր
մասնագիտական ասպարէզի փայլուն նախաձեռնութիւնները:»